2013-02-06 14:26:56

Սուրիոյ Բարձր Ճեզիրէի Քրիստոնեաներու Բողոքը Առեւանգումներու Դէմ` Ճիշմարիտ Պատուհաս Մը։


Սուրիոյ Ճեզիրէ մարզի մէջ տիրող անիշխանութեան հետեւանքով աւազակախումբերը բազմացած են։ Անոնք դրամ կողոպտելու եւ հարստանալու որպէս արագ միջոց կը դիմեն առեւանգութեան։ Բնականաբար այդ քստմնելի արարքին առաջին զոհերն են անմեղ քաղաքացիները։ Վերջին զոհը եղած է քրիստոնեայ անկար դեղագործ մը, անոր ընտանեկան պարագաներէն պահանջուած է աւելի քան 30 հազար եւրօ, հաղորդագրած է շրջանի Ասորի կաթողիկէ արքեպիսկոպոս` Հինտօ, միսիոնարական ֆիտէս մամլոյ գործակալութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.